2018-02-01 08:37:00

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի հանդիպում` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ


Երէկ` չորեքշաբթի, 31 յունուար 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի հանդիպումը: Հանդիպումին ներկայ էր, յատկապէս այս առաքելութեամբ Հայաստանէն Անթիլիաս հասած, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Հրաչեայ Աճառեան»-ի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Վիքթոր Կատվալեան:

Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց շուրջ երեք տարիներ առաջ յանձնաժողովին կազմութիւնը եւ անոր կատարած աշխատանքը: Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, որ արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է, հետեւաբար անոր պաշտպանութիւնը, գործածութեան տարածումը եւ բիւրեղացումը առաջնահերթ ու համահայկական մտահոգութիւն մըն է, ուստի հաւաքական ճիգով պէտք է աշխատանքը շարունակել: Ան նաեւ յայտնեց, որ միացեալ ուղղագրութեան հաստատումը դարձեալ առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ` աւելցնելով, որ բնականաբար դիւրին ու արագ ձեւով լուծուելիք խնդիր մը չէ միացեալ ուղղագրութեան մը ստեղծումը, սակայն իրապաշտ մօտեցումով անհրաժեշտ է, որ Հայաստան ու սփիւռք միասնաբար լծուին այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ողջունեց յիշեալ հիմնահարցերուն գծով Հայաստանի պետութեան եւ մտաւորականութեան իրապաշտ եւ դրական մօտեցումը:

Փրոֆ. Կատվալեան ներկայացուց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Հրաչեայ Աճառեան»-ի անուան լեզուի հիմնարկին եւ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կատարուած քննարկումներն ու աշխատանքները վերջին տարիներուն յիշեալ հարցերուն շուրջ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում: Սկզբունքով որոշուեցաւ շուտով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան ու լեզուի հիմնարկի յանձնաժողովներուն միջեւ հետեւողական գործակցութեան գործընթացներ յառաջացնել եւ մօտ ապագային գիտաժողով մը կազմակերպել արեւմտահայերէնի, ուղղագրութեան եւ յարակից հարցերուն առնչուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.